2012-10-03 12:42:04

Սուրիոյ Եկեղեցիներու Կոչը <<Պահպանել Երկրի Հոգեւոր, Պատմական Ու Մշակութային Արժէքները>>։


Սուրիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիները նոր կոչ մը ուղղած են Սուրիոյ մարդկային ու մշակութային համաշխարհային ժառանգութեան գանձերը պաշտպանելու համար։ Հալէպի միջնադարեան շուկայի հրդեհէն ետք հրատապ հարց դարձած է երկրի հոգեւոր, պատմական ու մշակութային արժէքները փրկելը - գրած են Սուրիոյ Քրիստոնեայ եկեղեցիները - հոկտեմբեր 2ին հրատարակած իրենց կոչին մէջ որ ուղղած են Ունէսքոյի, Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի եւ Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդին։ Կոչին մէջ կը կարդանք թէ բախումները մշակութային կարեւոր վայրեր դպած են ինչպէս Բալմիրը, Աբամէն եւ վտանքի ենթարկած են հին քաղաքաներ, թանգարաններ ու թանկարժէք իրեր ու վայրեր։ Միւս կողմէ կրօնավայրերը - ինչպէս Սինակոկները, մզկիթներնն ու եկեղեցիները - դարձած են վտանքի ենթարկուող զինուորական կեդրոններ։ Կ՜աղաչենք ըմբոստներուն որ խնայեն <<պաշպանուած վայրերը>> եւ զանոնք չի գործածեն ռազմական նպատակներու համար -կոչ ուղղծ են եպիսկոպոսները - ու եզրափակած են ըսելով <<Աղօթող ենք որ սուրիական հակամարտութիւնը լուծուի իմաստութեան, արդարութեամբ ու համերաշխութեան ճանապարհի դիմելով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.